ընտանեկան խնդիրները, պզտիկներուն ալ ազդեցին
ընտանեկան խնդիրները, մեզի իրարմէ բաժնեցին
    

առաջ` ինչ աղուոր էր, ամէն շաբաթ՝ մէկումը տունը
22 քազըն հաւաքուած մէկ հատին տունը
քեպապ չիքիւֆթէ
սեղան շտկել ուտել խմել
իրարու ճոք պատմել
հիմա` բան մը չի մնաց
ամէնն ալ հեռացան
մեծերուն երեսէն պզտիկները բաժնուեցան
թափառեցան
մէկը ամուսնացաւ
միւսը պզտիկ բերաւ
մէկը ճամփորդեց
միւսը բեբեք էր՝ մեծցաւ
Ֆեյսբուքէն Էդդ կընեմ
ճիւերս ըքսեփթ կընէ
ճամբան ելլես նէ երես կը դարձնէ
չեմ այպաներ քանի չի գիտէր դիմացինը ով է
իր քազընն է
իր գիրկը մեծցած է
յանի վերջին անգամ որ ինծի տեսաւ 90֊ին է
հիմա մեծցած է
տպաւորուած է որ Ալբեր անունով մէկը կայ
բայց չի գիտէր Ալբերը ով է
Ալբեր ո՞վ է
Ալբեր ի՞նչ ճիւերս է

կարօտցայ հին օրերը, կարօտցայ,
ընտանիքը կարօտցայ, մէկ տեղ հաւաքուած
խնդալ, խօսիլ, խմել, թաշղալայ,
կիները՝ խոհանոցը ամէնը մէկ
մարդիկը՝ բալքոնը
ներսը՝ ամէն բեբեք
դրախտի պէս կեանք
դրախտի պէս տեղ
ինձմէ ուրախը չիկայ երբ ինծի տանէին ատանկ տեղ
նոր տարիին օրը` 100 հոգի հաւաքել
երկու ծնունդներուն ալ մեծ քեֆ ընել
գիւղէն տուն առնել
ամառը հոն ելլել
նաշան առնել
հիմա բան մը չի մնաց
ամէն ինչ վերջացաւ
մարդուն մէկը գնաց
ընտանիքնիս բաժնուեցաւ
ամէն մէկը իր կարգին պատը փակաւ

Հարսանիքէ հարսանիք մի քանի հոգի կը տեսնեմ
բայց մէկը չի մօտենար, չի գիտնար կոր ով եմ
քովը երթամ իրեն ի՞նչ ըսեմ
— բարեւ, ես ալբերն եմ
— ահլէէէն
ինչպէս բացատրեմ ինչու տարիներ է հեռու եմ
այդքան խնդիրներ եղած են որ
պատմութիւնը երբ պատմեմ պիտ չի հասկնա այդքան որ խրթին են
պիտի ըսէ «բոշ բոշ բաներ են, Ալբեր, բոշ բաներ են»
պիտի փորձէ ինծի սահեցնել 
ինչ որ ըսեմ «հա ֆալան» պիտի ըսէ
ինծի պիտ չի նայի
աջ ձախ պիտ դիտէ
միտքէն պիտ ըսէ «այս տղան ինչ անթիքո է»
պիտ չի յիշէ պզտիկ եղած ատենը ինծի որքան կը սիրեր
պիտ չի յիշէ ըլլար նէ ով իրեն կը խաղցներ 
ասոր համար չեմ շարժիր տեղէս
պարապի պիտի խօսիմ
խիարի պէս նստած մնամ աւելի լաւ է
բալա մա մօտենամ
սիկտի՛ր ըրէ

մի քանի հոգի կայ, ատոնց հետ մօտիկ եմ
միւսները՝ ճիւերուն չէ ինչ եղեր եմ
ամէն անգամ պիտի նստիմ, հաշիւ պիտնեմ
ով որուն հետ քէն է, որ միւսին բան մը չի պատմեմ
մէկուն հետ երբ տեղ երթամ, միւսին՝ բան մը չըսեմ
չէ նէ պիտի նեղուի ինձմէ որ ատոր ոռը մտեր եմ
ձանձրացայ այլեւս, ամէնուն ոռը կերեր եմ
ամէնուն ոռը մտել եմ
իրենք ալ իմ ոռս կերեր են
ուրիշ ձեւ չի կայ
իրենց պէս պիտի քալես
ան որ հետդ լաւ է, անոր պիտի սիրես
միւսին նիւթը կըլլա՞յ, ետեւէն պիտ բամբասես
որ քեզի սիրողին սիրտին մէջ քու տեղդ պահես
մէկումը ճիւերուն չէ որուն կարօտցեր ես
որուն հոգն է թէ զգացում ունիս
մարդ ես
իրենք ալ կուզեն աս խնդիրները վերջանայ
բայց սիրտ այրելը բոլորին աւելին հաշւուն կու գայ։